Սիխ եւ Սիխիզմ, Սիխիզմը այն կրօնքն է, որ հիմնուած է հոգիի եւ միտքի վրայ, զգացումներու եւ գաղափարներու միացումով: Այս կրօնքին գաղափարները կու գան հինտուիզմի փիլիսոփայութենէն եւ իսլամական կրօնքէն[1]: Շարժումին նպատակն էր միացնել իսլամութիւնն ու հինտուիզմը, սակայն յաջողութիւն չեն գտներ, ուստի նոր կրօն մը կազմեն՝ սիխիզմ անունով[2]:

Սիխիզմը սկիզբ առած է Հնդկաստանի մէջ, շուրջ 1500 թուականին Ք.Ե.: Սիխիզմ անունը կու գայ փունճապերէն Սիխ բառէն, որ կը նշանակէ աշակերտ կամ հետեւորդ: Սիխիզմը արեւելեան հնագոյն կրօններէն, բարոյականութեան վրայ շեշտ դնող հինտուիզմի եւ Հնդկաստանի մէջ տարածուած իսլամութեան ծնունդն է:

Կրօնք մը, իբրեւ համամարդկային իրականութիւն, միայն ցեղի մէջ չէ որ կը յայտնուի, այլ մանաւանդ՝ անհատին մէջ ունի իր բխման ակը: Այդ պատճառով կրօնքը ցեղային կերպարանաւորում ստացած է, հաւաքականութեան մէջ ուժ գտած՝ հաստատագրուած եւ տեւած:

Կրօնք մը ծնունդ կ'առնէ զանազան պատճառներով. ան կրնայ մտահոգութենէ կամ վախէ յառաջ եկած ըլլալ: Մտահոգութիւններ՝ այն պէտքերուն համար, որոնք կ'ըլլան խումբի կամ ցեղի մը մէջ: Վախ՝ այն բաներէն, որոնք մարդը կը սարսափեցնեն կամ վնաս կը հասցնեն, եւ այդ արարքը աստուածային համարելով՝ նոր գաղափար մը կամ կրօնք մը ի յայտ կու գայ: Սակայն, կարելի չէ ըսել, թէ բոլոր կրօները ծագած եւ կազմաւորուած են վախի պատճառով: Կարգ մը կրօններ յառաջացած են արդարութիւն հաստատելու, համերաշխութիւն բերելու, բարոյական կեանքի վեհ սկզբունքներ յառաջացնելու համար:

Իւրաքանչիւր կրօնք ունի յատուկ սկզբնաղբիւր մը կամ սկզբնապատճառ մը: Կրօնքի մը հաւատքն ու ներքին մանրամասնութիւնները գիտնալէ առաջ՝ նախ պէտք է անդրադառնալ անոր ծագման եւ հիմնադրման:

Սիխիզմը հետեւանքն է կրօնական եւ ընկերային պայմաններու, որոնք կային երկու կրօնքներուն միջեւ: Սիխիզմի  ուսուցիչներուն համար մտահոգութիւն էր հաւատացեալներու միջեւ եղող խտրութիւնը: Այս խտրութեան պատճառով տեղի կ'ունենային ոճրագործութիւններ եւ ընկերային խլրտումներ:

Ըստ Սիխիզմի, եթէ բոլոր մարդիկը կը հաւատան մէկ Աստուծոյ գոյութեան եւ բոլորը անոր ձեռագործն են, ուրեմն ի զուր են այն բոլոր վէճերը, որոնք կան երկու կրօններուն միջեւ:

Սիխիզմի Հաւատքն Ու Պաշտամունքը

Խմբագրել
 
Սիխ Կուրու եւ Սիխիզմի տասը ուսուցիչները, ԺԹ. դար
  • Սիխիզմի հաւատքն ու մտածելակերպը համերաշխ խառնուրդն են իսլամական կրօնքին եւ հինտուիզմի փիլիսոփայութեան: Սիխիզմի համոզումներն ու հաւատալիքներն են.
  • Միաստուածութիւն՝ այս գաղափարը առած են իսլամութենէն: Ասոր կողքին կը հաւատան ուրիշ աստուածներու՝ բան մը, որ առած են հինտուիզմէն:
  • Աստուածանալու գաղափարը առնուած է հինտուիզմէն՝ ըստ այս համոզումին, ամէն բան կրնայ աստուած ըլլալ: Իսլամութեան կրօնքին մէջ այսպիսի բան գոյութիւն չունի:
  • Կռապաշտութիւն եւ արգելք ըլլալ կուռք շինելու՝ այս գաղափարը առնուած է իսլամութենէն՝ տարբերութեամբ մը. սիխերը իրենց սրբավայրերուն մէջ ունին կուռքեր, որոնք պաշտամունքի առարկայ են:
  • Կեանքի շրջանակ՝ (Life cycle) հինտուիզմը եւ սիխիզմը կը հաւատան, որ մարդ ֆիզիքապէս մեռնելէ ետք՝ անոր հոգին իրմէ ելլելով կրնայ որեւէ առարկայի կամ անձի մէջ մտնել եւ վերապրիլ: Սիխիզմը կ'աւելցնէ, որ հոգիի շրջիլը պայման չէ, այսինքն՝ մարդու հոգին պայման չէ, որ ուրիշ բանի մը մէջ մտնէ, այդ մէկը կը վերագրեն Աստուծոյ բարեգթութեան:
  • Վանականութեան արգիլումը՝ այս համոզումը կ'արգիլէ ճգնիլը կամ վանական կեանք ապրիլը:
  • Մարգարէութիւն՝ Աստուած մարգարէներ կը ղրկէր ժողովուրդը ճիշդ ճամբու մէջ դնելու համար: Այս մէկը իսլամութեան հարազատ է: Շատեր կ'ըսեն, որ Նանագ Աստուծմէ ղրկուած էր:
  • Արբեցութեան եւ խոզի միսի արգիլումը՝ իսլամութենէն առնուած այս օրէնքին առընթեր, անոնք նաեւ կ'արգիլեն կովու միս ուտելը, հետեւելով հինտուիզմին: Սիխիզմը նաեւ կը սորվեցնէ, որ ուտելիքէ զրկուիլը չ'օգներ հոգիի մաքրութեան: Անոնց քով պահեցողութիւն կամ ծոմապահութիւն գոյութիւն չունի:
  • Երկու կրօնքներու միացման հրաւէրը- իսլամաական եւ հինտու հաւատքի պաշտամոււնքներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ[3]:

Հինգ Օրէնքներու Գործադրութիւնը:

1.- Գիշօ- գլխու եւ մօրուքի մազերը չածիլելով՝ երկնցնել:

2.- Գանկա- մազերը չսանտրել:                                      3.- Գանշա- լայն տաբատ հագնիլ: 4.- Գարա- երկաթեայ ապարանջան մըն է, որ կը դրուի արգիլելու ուրիշ որեւէ զարդեղէն դնելը: 5.- Գրպալ- փոքր դաշոյն մըն է, որ կը դրուի մէջքին:

Սիխիզմի Տօները

Խմբագրել
 
Կուրու Նանագ

Սիխիզմի տօնացոյցը հարուստ է տօներով: Կան տասը Կուրուներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր մահուան յիշատակին նուիրուած օր մը: Առ ի յարգանք անոր մեծ վարդապետ կամ ուսուցիչ ըլլալուն՝ ամէն տարի այդ օրը կը յիշատակուի իբրեւ տարեդարձ:

Սիխիզմի Ս. Գիրքը

Խմբագրել

Սիխիզմի Ս. գիրքը կը կոչուի Կրանտ Սահէպ, որ շուրջ 1200 էջէ կը բաղկանայ: Սիխերը մեծ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ կը մօտենան անոր, որովհետեւ այս գիրքը իրենց օրէնսդիր եւ ամենասուրբ գիրքն է:

 Սիխիզմի Ս. Գիրքը կը ներառէ բանաստեղծական գործեր, որոնք գրուած են Նանագի եւ իր ուսուցիչին՝ Գապիրի կողմէ: Նաեւ կան այլ գրութիւններ, որոնց մէջ կը գտնուին մշակութային, աւանդական, կենցաղային խիստ ուղղութիւններ եւ պաշտամունքի ուսուցումներ, որոնք կռիւի կը մղեն, ի խնդիր՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան, որոնց կը հաւատան անոնց:

Սիխ ուսուցիչներու եւ վարդապետներու գրած ու խմբագրած գիրքերը հետագային «սրբութեան» արժէք ունեցան անոնց հետեւորդներուն համար:

Սիխիզմը Այսօրուան Աշխարհին մէջ

Խմբագրել
 

Սիխիզմը այսօր կը ներկայացնէ հաւաքականութիւն մը, որ ունի իր ուրոյն սկզբունքները: Անիկա ճանչցուած է իբրեւ անկախ կրօնք մը: Սիխերու ընդահանուր թիւը այսօր կը հասնի շուրջ 23 միլիոնի: Այս թիւը մեծ ըլլալով հանդերձ, սիխերը երկիր չունին, ուր պետականօրէն ընդունուած ըլլայ անոնց կրօնքը:

Փունճապը շրջան մըն էր, որ կը կառավարուէր սիխերու կողմէ, սակայն այդ շրջանին մէջ սիխիզմը մեծ ընդունելութիւն չէր գտած:

Կուրու բառը կը նշանակէ ուսուցիչ: Նանագի հետեւորդնեդը նոր իմաստ մը կու տան այդ բառին. լոյսը, որ կը հեռացնէ խաւարը: Երբ Նանագ կը մահանայ, զայն կը կոչեն Կուրու նանագ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել